2016-06-15 14:07:00

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը` ''Սիրելի տարեցներ դուք ձեր ժողովուրդին յիշողութիւնն էք''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 15 Յունիս 2016-ին, ՄԱԿ-էն հաստատուած տարեցներու բռնաբարութիւններու դէմ պայքարի օրուան առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ տարեցներուն վստահեցուց թէ Աստուած միշտ իրենց հետ է ապա հաստատեց թէ անոնք ժողովուրդներուն ողջ յիշողութիւնն են''։

''Սիրելի ծերունիներ, Աստուած ձեզ չի լքեր, ձեր հետն է։ Անոր օգնութեամբ դուք ձեր ժողովուրդին ողջ յիշողութիւնն էք'' գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.